Կիրակի, 28 Ապրիլի, 2024
Հայտարարություն

Արևմտահայերեն բանաստեղծությունների առցանց փառատոն

Շիրակի Մարզային Գրադարանը, արժեւորելով այս միջոցառման նշանակութիւնը եւ նախորդ տարիներուն անոր շուրջ ստեղծուած խանդավառութիւնը, 21 Մարտ, 2024-ին՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, այս տարի եւս կը կազմակերպէ՝ «Արեւմտահայեր էն Բանաստեղծութիւններու Փառատօն»ը, առցանց ձեւաչափով:

Փառատօնը նախատեսուած է արեւմտահայերէնով ստեղծագործող անհատներու եւ գրողներու համար:

● Փառատօնի հիմնական նպատակն է արեւմտահայ գրողները եւ անոնց ստեղծագործութիւնները ծանօթացնել հայրենի ժողովուրդին, նպաստել արեւմտահայերէնի տարածման:

● Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել արեւմտահայերէնով ստեղծագործող ե՛ւ անուանի գրողներ, ե՛ւ սիրողական գրական փորձեր կատարող անհատներ:

● Փառատօնին մասնակցութիւնը մէկ ստեղծագործութեամբ է (անտիպ կամ տպագրուած): Մասնակցիլ փափաքողները իրենց ստեղծագործութիւնը (մինչեւ 19 Մարտ 2024-ը) կրնան ուղարկել հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ reglibshirak@gmail.com

Թողնել պատասխան

Ձեր էլ-փոստի հասցեն չի հրապարակվելու։ Պարտադիր դաշտերը նշված են *-ով